Ատրպէյճանա-Թրքական Ամերիկեան Խումբերը Կը Զրպարտեն Ամերիկահայ Գործարարը

Ատրպէյճանա-Թրքական Ամերիկեան Խումբերը Կը Զրպարտեն Ամերիկահայ Գործարարը

Յարութ Սասունեան, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Մարք Հոփլամազեան

Անցեալ շաբաթ ատրպէյճանա-թրքական ամերիկեան չորս կազմակերպութիւններ ծաւալած էին համակարգուած հակահայկական քարոզչութիւն` մեղադրանքներու տարափ տեղացնելով “Hyatt Hotels” ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մարք Հոփլամազեանի հասցէին` զինք եւ ամերիկահայ այլ գործարարներ վախցնելու նպատակով:

Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի (ATAA), Ամերիկայի ատրպէյճանական խորհուրդի (AAC), Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու դաշնութեան (FTAA) եւ Ամերիկայի ատրպէյճանական ընկերութեան (ASA) ղեկավարները, “Hyatt”-ի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Թոմաս Փրիցկերին ուղղուած իրենց նամակի մէջ Հոփլամազեանը մեղադրած են «էթնիկ քարոզչական արշաւներու մէջ ներգրաւուած ըլլալու մէջ:

Ատրպէյճանական եւ թրքական խումբերը յարձակած են Հոփլամազեանի վրայ` “հայ-ամերիկեան լոպպիստական խումբի` Ամերիկայի հայկական համագումարի Սեպտեմբեր 22-ին կազմակերպած հանդիսաւոր ճաշկերոյթի ժամանակ իբրեւ “Hyatt”-ի տնօրէն ելոյթ ունենալուն համար՚: Անոնք նաեւ իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են, որ “Հոփլամազեանը կը ծառայէ “Դիմագրաւել պատմութիւնը եւ մենք զմեզ” շահոյթ չհետապնդող խումբի Խորհրդատուական մարմնին մէջ, որ “կ’ուսուցանէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին”:

Թրքական չորս կազմակերպութիւնները պնդած են, որ “պարոն Հոփլամազեանի ներգրաւուածութիւնը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ թշնամութիւն տարածող էթնիկ յատուկ շահերու խումբերու մէջ, կրնայ ոտնահարել “Hyatt”-ի գործարար վարքագիծի եւ քաղաքակրթութեան կանոնակարգի Շահերու բախման կէտը”: Այնուամենայնիւ, հիւրանոցի կայքին մէջ տեղադրուած Կանոնակարգի ուսումնասիրութենէն պարզ կ’երեւի, որ ան ոչ մէկ նշում կը պարունակէ` “Hyatt”-ի ղեկավարի կողմէ Կանոնակարգի դրոյթներէն որեւէ մէկը խախտելուն առնչութեամբ:

Ատրպէյճանական եւ թրքական խումբերը իրենց նամակին մէջ ըրած են կարգ մը չարանենգ յայտարարութիւններ` Հայոց Ցեղասպանութիւնը բնութագրելով իբրեւ “անհիմն պնդում” եւ “առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակաշրջանի ներհամայնքային վայրագութիւններ”: Անոնք կեղծօրէն պնդած են, որ այդ “վայրագութիւնները” երբեք որեւէ դատարանի մէջ չեն վիճարկուած եւ հայերու տեղահանութեան ոչ մէկ մտադրութիւն հաստատուած է: Ոչ մէկ պատիժ կամ դատավճիռ կայացած է` ըստ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատժման մասին 1948 թուականի պայմանագրի դրոյթներու”:

Թրքական կազմակերպութիւններու ղեկավարները նման անհեթեթ պնդումներ ընելով, պարզապէս, իրենց տգիտութիւնը բացայայտած են Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնական փաստերուն վերաբերեալ: Անոնց ձեռնտու է մոռնալ 1919 թուականի թրքական ռազմական դատարաններուն մասին, որոնք մահուան դատապարտած էին Հայոց Ցեղասպանութեան թուրք պարագլուխները: Միացեալ Նահանգներու, Զուիցերիոյ եւ Արժանթինի դաշնային դատարանները եւս վերահաստատած են Հայոց Ցեղասպանութեան հաւաստիութիւնը: Նաեւ, ՄԱԿ-ի խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովը 1985 թուականին իր ընդունած զեկոյցին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը որակած է իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ:

Միաժամանակ, ատրպէյճանական եւ թրքական խումբերը հաւաստիացուցած են, որ իրենք կը ներկայացնեն “աւելի քան կէս միլիոն թրքական ծագում ունեցող ամերիկացիներ”: Ասիկա իրականութեան չի համապատասխաներ այն պարզ պատճառով, որ ըստ ԱՄՆ վերջին մարդահամարին` Միացեալ Նահանգներու մէջ չկայ այդքան շատ թուրք բնակչութիւն: Եթէ նոյնիսկ թրքական ծագում ունեցող ամերիկացիներու թիւը կը հասնի կէս միլիոնի՝ խիստ կասկածելի է, որ անոնք բոլորն ալ իրենց համաձայնութիւնը տուած են այդ կազմակերպութիւններուն կողմէ նման անհեթեթ արկածախնդրութիւններու մէջ մխրճուելու: Ամենայն հաւանականութեամբ, այս չորս խումբերուն անդամներուն ընդհանուր թիւը կը կազմէ ներկայացուած թիւերուն միայն չնչին մէկ մասը:

Ակնյայտ է, որ այս թրքական խումբերը իրենց կեղծ յայտարարութիւններով եւ անմիտ մեղադրանքներով նպատակ ունին վախցնելու Հոփլամազեանը եւ ստիպել զայն` հեռու մնալու հայկական կամ ցեղասպանութեան առնչուող հարցերէն: Առաւել մտահոգիչ է, որ թիրախ դարձնելով “Hyatt”-ի գլխաւոր տնօրէնը, ատրպէյճանական եւ թրքական խումբերը յոյս ունին նման գործունէութիւն ծաւալելէ ետ կեցնելու ամերիկահայ միւս գործարարները:

Ատրպէյճանական եւ թրքական խումբերը իրենց համատեղ նամակին մէջ անուղղակիօրէն սպառնացած են “Hyatt”-ի առեւտրական շահերուն` նշելով, որ ընկերութիւնը “ներկայիս կը ղեկավարէ ընդհանուր թիւով չորս յաջողած հիւրանոց Սթամպուլի (Թուրքիա) եւ Պաքուի մէջ (Ատրպէյճան)”: Հետաքրքրական է, արդեօք Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները լիազօրա՞ծ են այս ողորմելի խումբերը` խօսելու իրենց անունով: Ի դէպ, այս կազմակերպութիւնները կը գիտակցի՞ն, որ անոնք կ’ականահարեն իրենց հարազատ երկիրներու գործարար շահերը` յիմարաբար սպառնալով այնպիսի համաշխարհային ընկերութեան մը, ինչպիսին է “Hyatt”-ը։

Շատ ցաւալի կ’ըլլայ, եթէ ամերիկահայ նշանաւոր գործարարներու դէմ ատրպէյճանական եւ թրքական անխոհեմ արշաւը սկիզբ դնէ անցանկալի իրադարձութիւններու այնպիսի շղթայի մը, որ յանգեցնէ հայ համայնքի պատասխան քայլերուն՝ ընդդէմ յաջողակ թուրք գործարարներու, ինչպիսին, օրինակ, “Coca Cola” ընկերութեան նախագահ եւ գլխաւոր տնօրէն Մուհտար Քենթը:

Խիստ անհաւանական է, որ ատրպէյճանա-թրքական նամակը որեւէ շօշափելի օգուտ բերէ այս խումբերուն, քանի որ “Hyatt”-ի տնօրէններու խորհուրդը, հաւանաբար կ’անտեսէ անոնց անհիմն մեղադրանքները: Աւելի կարեւորը այն է, որ տիպար ամերիկահայ գործարարի նկարագիրին վրայ նման ռասիստ-ական յարձակումը, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրէին, հայերը կը դրդէ աւելի վճռականօրէն հետամուտ ըլլալու իրենց արդարացի պահանջներուն` թէ’ Թուրքիայէն եւ թէ’ Ատրպէյճանէն:

Վերջապէս, խիստ վիրաւորական է, որ ատրպէյճանական եւ թրքական այդ խմբաւորումները քար լռութիւն պահպանած էին, երբ ատրպէյճանցի սպան Պուտափեշտի մէջ կացինահարելով սպաննած էր քնացած հայը, իսկ հիմա աղմուկ բարձրացուցած են, երբ ամերիկահայ գործարար մը, պարզապէս կ’օգտագործէ խօսքի ազատութեան իր իրաւունքը Պեւըրլի Հիլզի մէջ:

ramgavar.org

This post is also available in: ,